Կիրակի, 26 Դեկտեմբեր, 2021-ին, Սբ. Ստեփանոս Նախասարկաւագ եւ Առաջին Մարտիրոսի տօնին առթիւ , որ կը համարուի նաեւ սուրբ եկեղեցւոյ ծառայող բոլոր սարկաւագներուն տօնը, Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ Սբ. եւ անմահ Պատարագ մատուցեց Գանատահայոց Թեմի փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը:

Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցին, անմահացնելու համար Արցախեան գոյամարտի ընթացքին նահատակուած բոլոր զինուորներու, սպաներու եւ կամաւոր մարտիկներու յիշատակը, նախաձեռնած էր Եկեղեցւոյ գլխաւոր մուտքին Յուշակոթող մը զետեղել, որու քողազերծումը կատարուեցաւ նոյն օրը յաւարտ Սբ. Պատարագի: Յուշակոթողի արուեստագէտն է՝ թորոնթոբնակ Փոլիշչուկ Միկոլան, իսկ բարերարներն են՝ Տէր եւ Տիկ. Լեւոն եւ Կարինէ Ղարիպեան եւ ընտանիքը:

Սբ. Պատարագին եւ յուշակոթողի քողազերծմանը իրենց մասնակցութիւնը բերին Գանատայի մօտ Հայաստանի Հարապետութեան Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան՝ Ազնուափայլ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանը, Տիար Վարուժան Լափոյեան, Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս, Սբ. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Գերապատիւ Տէր Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեանը, Թորոնթոյի մէջ հայկական եկեղեցիներու, կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, Թորոնթահայ նահատակ Քրիստափոր Արթինի ընտանիքը եւ Ղարիպեան ընտանիքը:

Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը իր քարոզին ընդմէջէն անդրադարձաւ օրուայ խորհուրդին եւ մեր նահակատներու անձնուրացութիւնը նոյնացուց Նախավկայ եւ Նախամարտիրոս Սբ. Ստեփանոսի վարքին եւ զոհաբերման հետ:

Յաւարտ Սբ. Պատարագի Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ Արցախի անկախութեան եւ անոր ժողովուրդի ազատութեան համար նահատակուած բոլոր հերոսներուն հոգիներուն հանգստեան համար:

Ապա, այս առթիւ իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին, Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը, իր հայկական արմատները վերագտած Թորոնթահայ՝ Օր. Այտա Գրիգորեանը, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ներկայացուցիչ՝ Տիար Յակոբ Ճանպազեանը, Գերապատիւ Տէր Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեանը եւ ՀՀ Լիազօր եւ Արտակարգ Դեսպան՝ Ազնուափայլ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանը:

Այնուհետեւ, եկեղեցական թափօրով բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ նախամուտը, ուր կը գտնուի Յուշակոթողը: Ծաղկեպսակներու զետեղումէն եւ Հանգստեան աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ Յուշակոթողի քօղազերծումը:

Հանդիսութիւնն աւարտեցաւ Հայաստանի քայլերգի երգեցողութեամբ՝ բոլոր ներկաներուն կողմէ:

Կ՚աղօթենք, որ ամենակալ Աստուած մեր բոլոր նահատակներու հոգիները Իր երկնային արքայութեան արժանացնէ եւ անոնց անմար յիշատակը վառ պահէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն սրտերուն մէջ: