Օգոստոս 17-19, 2016, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիեան, ուղեկցութեամբ Թեմիս հոգեւորականներուն, այցելեց Ամելիազպուրկ, Օնթարիոյ նահանգի մէջ կայացած Գանատահայոց Թեմին պատկանող «Արարատ» ամառնային տարեկան ճամբարը։ Առաջնորդութեամբ ճամբարի հոգեւորական՝ Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեանի, Գործադիր Տնօրէնուհի Տիկ. Անի Ալթունեանի, Ճամբարի Տնօրէն՝ Տիկին Արփի Քիւրքճեանի եւ խումբ մը անձնուէր կամաւորներու, Գանատայի չորս կողմէ 126 մասնակցիներն ու հսկիչները վայելեցին անմոռանալի շաբաթ մը տոգորուած բազմազան գիտելիքներով՝ կրօնական դաստիարակչական, հայկական ազգային աւանդութիւններ, պատմութիւն, երգեր, պար, խաղեր եւ այլ գործունէութիւններով։
Այս տարի, ճամբարին մասնակից նորահաս Սուրիահայերու թիւը առ աւելի էր քան նախորդ տարին, շնորհիւ Գանատահայոց Թեմի օժանդակութեան։
Օգոստոս 19-ին, ճամբարի մասնակիցներուն առիթը ընծայուեցաւ որ հանդիպին Թեմական Խորհուրդի անդամներուն հետ, որոնք ճամբար եկած էին հանդիպելու ճամբարի մասնակիցներուն եւ մասնակցելու հոգեւորականներու ու Թեմական Խորհուրդի ժողովներուն: