12 Դեկտեմբեր 2016թ.-ին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը ցաւակցական նամակ յղեց՝ Գանատայի Ղպտի Ուղղափառ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անպայ Եպս. Մինային, Եգիպտոսի, Գահիրէյի մէջ Ս. Պետրոս եւ Ս. Պողոս Եկեղեցւոյ շրջաբակէն ներս կատարուած ահաբեկչական յարձակումներուն կապակացութեամբ։

Իր նամակին մէջ, Սրբազան Հայրը, Հոգեւոր դասի, Թեմական Խորհուրդի, Գանատահայ հաւատացեալներու անունով խորին ցաւակցութիւններ փոխանցեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ անոր հաւատարիմ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն։

«Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ ամբողջ միջազգային հանրութիւնը պէտք է իր ձայնը բարձրացնէ յանուն արդարութեան ու խաղաղութեան, հետագային բռնութիւնն արգիլելու նպատակով։ Այս դժուար պահերուն մենք, որպէս Հոգեւոր Առաջնորդներ, պէտք է աւելի ջանք ցուցաբերենք, որպէսզի Մեր Տիրոջ գերագոյն կամքը կատարուի՝ երկրի վրայ ինչպէս եւ երկնքին մէջ», – նշեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդը։