Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90 ամեակի տարեդարձը կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւններով ու մեծ ոգեւորութեամբ տօնախմբուեցաւ Թորոնթոյի մէջ։

2 Դեկտեմբեր 2018-ին, կիրակի օրուայ Ս. Պատարագը մատուցանեց Գանատահայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեան։ Իրեն առընթերական ունենալով թեմի փոխ առաջնորդ եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. սարկաւագներ Գրիգոր սրկ. Թոզաքեան, Կարպիս սրկ. Չիչէքեան, Ռոյ սրկ. Քիւչիւքաթէշ, Նուրհան սրկ. Իփէքեան ինչպէս նաեւ Տարիուս սրկ.Կիւմիւշճեան։ Երգեցողութիւնները տպաւորիչ կերպով կատարուեցան երկսեռ դպրաց դասին կողմէ խմբավարութեամբ՝ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնահարութեամբ Սօնա Արթինեանի։

Յընթացս Ս. Պատարագի «ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ Տէր Հայրը սրբատառ կոնդակով դէպի Ս. Խորան բարձրացաւ ու ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը։

Այնուհետեւ Առաջնորդ Աբգար Սրբազան, Յակոբ Ալթունեանի կուրծքը զարդարեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշանով ու յանձնեց իրեն սրբատառ կոնդակը։