Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90 ամեակի տարեդարձը կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւններով ու մեծ ոգեւորութեամբ տօնախմբուեցաւ Թորոնթոյի մէջ։
2 Դեկտեմբեր 2018-ին, կիրակի օրուայ Ս. Պատարագը մատուցանեց Գանատահայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան։ Իրեն առընթերական ունենալով թեմի փոխ առաջնորդ եւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. սարկաւագներ Գրիգոր սրկ. Թոզաքեան, Կարպիս սրկ. Չիչէքեան, Ռոյ սրկ. Քիւչիւքաթէշ, Նուրհան սրկ. Իփէքեան ինչպէս նաեւ Տարիուս սրկ.Կիւմիւշճեան։ Երգեցողութիւնները տպաւորիչ կերպով կատարուեցան երկսեռ դպրաց դասին կողմէ խմբավարութեամբ՝ Շահէ Ալթունեանի, երգեհոնահարութեամբ Սօնա Արթինեանի։
Գանատահայոց փոխ Առաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան Վեհափառ Հայրապետի կողմէ իրեն շնորհուած օրհնութեան եւ գնահատանքի սրբատառ կոնդակը ստացաւ ձեռամբ՝ Առաջնորդ Աբգար Սրբազանի, որ կարդացուեցաւ Սրբազան հօր կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութեան գիրին մէջ հետեւեալ կերպով կ՚ անդրադառնար, «Տասնամեակներ շարունակ Դուք անսակարկ նուիրումով հոգեւոր սպասարկութիւն իրականացուցած էք Թորոնթոյի Սուրբ երրորդութիւն եկեղեցին, անկեղծ հաւատքով ու ներշնչումով ծառայելով Տիրոջ կենաց խօսքը սերմանելու սրբազան առաքելութեանը։ Ժրաջան ծառայութեամբ Դուք յաջողած էք եկեղեցւոյ շուրջ համախմբել մեր ժողովուրդի զաւակները կրթելով իրենց հոգիները հոգեւոր ու ազգային մեր արժէքներով։ Այսօր Սուրբ երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովանին ներքեւ կը գործեն հոգեւոր, կրթական ու ազգային մի քանի տասնեակ մարմիններ, որոնք միասնաբար համայնքային կեանքն են որոնք կը սնուցանեն ու կը զօրացնեն նպաստելով Առաքելական մեր Սուրբ եկեղեցւոյ պայծառութեան։ Առանցնակի գոհունակութիւն է Մեզի համար անդրադառնալ, որ Հայրենիքի անկեղծ սիրով Դուք կարելին ի սպաս դրած էք աջակցութիւն բերելով հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին։ Մենք բարձրօրէն գնահատած ենք Ձեր ծառայասիրութիւնը, ազգասիրութիւնն ու եկեղեցասիրութիւնը։»