15 Դեկտեմբեր 2018-ին, Մոնթրէալի Հայ համայնքի ներկայացուցիչներն՝ ընդառաջելով Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցան Առաջնորդարանի յարկին տակ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով տեղի ունեցած ընդունելութեան։

Երեկոն սկսաւ Սրբազան Հօր աղօթքով, ապա ան իր բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսքերն ուղղեցձեռնարկին ներկայ գտնուող հիւրերուն։

Իր ելոյթին մէջ՝ Սրբազան Հայրը բնութագրեց անցած տարուայ գործունէութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց բոլորինքնայօժար աշխատողներուն, աջակիցներուն, նուիրատուներուն եւ ազգային կազմակերպւթիւններուն, որոնք իրենց ջանասիրութեամբ նպաստեցինու մեծ ազդեցութիւն ունեցան Հայ եկեղեցւոյ եւ Գանատահայ համայնքին բարգաւաճման եւ յաջողութեան։

Այս առիթով, Գանտահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը ներկայացուց, Տէմիրճեան ընտանիքի նիւթական աջակցութեամբ՝ Տիկին Սօնա Տէմիրճեանի յիշատակին, վերջերս տպուած Պատարագամատոյցը։