21 Նոյեմբեր 2019-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը, Դիւանապետ Տիար Լեւոն Իսախանեանի ուղեկութեամբ՝ Օթթաուայի մէջ հանդիպեցաւ Գանատայի Զինուած Ուժերու Հոգեւոր Առաջնորդ Գիյ վարդապետ Չափդլեյնին:

Հանդիպման ընթացքին Հոգեւոր Հայրերը քննարկեցին համագործակցութեան մասին զանազան հարցեր: