Գանատահայոց Թեմի նախաձեռնութեամբ ու Գանատայի կառավարութեան աջակցութեամբ (New Horizons for Seniors Program) տեղի ունեցաւ (Senior Studio Art Project) «Երէցներու Արուեստի Սթիւտիոյ» ծրագիրը: Երէցներուն առիթ ընծայուեցաւ ծանօթանալու Մոնթրէալի եւ Օթթաուայի մշակութային ժառանգութեանը, ինչպէս եւ ստեղծելու իրենց վրձնին պատկանող գեղարուեստական աշխատանքներ: 2019-ի ամրան կազմակերպուեցան երկու այցելութիւններ դէպի Մոնթրէալի Գեղարուեստի թանգարանը:

Թանգարանի այցելութիւններէ ետք, 2019-ի Օգոստոսէն Հոկտեմբերը, կազմակերպուեցաւ հինգ գեղարուեստական սեմինարներ, ուր երէցներուն առիթ տրուեցաւ մասնակցիլ ու ստեղծագործել անուանի նկարիչ Մարինէ Զուլոեանի ղեկավարութեամբ:

Սեմինարներու աւարտին՝ 2019-ի Նոյեմբերին, կազմակերպուեցաւ այց դէպի Օթթաուայի մէջ Գանատայի Աւագաժողովի շէնքը եւ Գանատայի Ազգային Պատկերասրահը, ապա տեղի ունեցաւ մասնակիցներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս ու նկարներու գրացուցակի հրատարակում: