Մայիս 20, 2021-ին Գանատահայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանն ու Թեմիս փոխառաջնորդ, Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ աւագ քահահայ Զարգարեանը մասնակցեցան Գանատայի Եկեղեցական Խորհուրդի Ղեկավարներու ժողովին:
Գանատայի Վարչապետ վսեմաշուք Տիար Ճասթն Թրուտոն, Աշխատանքներու Նախարար Ֆիլոմենա Թասսին, Ընտանիքի, Երեխաներու եւ Հասարակական Զարգացման Նախարար Ահմետ Հուսեյնը, Գանձապետական Խորհուրդի նախագահ Ճան-Իվ Տուգլոսը, Խորհրդարանական Արտաքին Գործերու քարտուղար Ռոպ Օլիֆանթն ու Խորհրդարանի պատգամաւոր Ճոն Մաքէյը մասնակցեցան Ժողովին եւ պատասխանեցին անդամ եկեղեցիներու կողմէն տրուած հարցերուն:
Տեղին է նշել, որ վերջերս՝ Գանատահայոց Թեմի նախաձեռնութեամբ եւ Գանատայի Եկեղեցիներու խորհուրդի 26 անդամաներու ղեկավարներուն ստորագրութեամբ Վարչապետին ուղարկուեցաւ միասնական նամակ մը, որմով կը խնդրուի կառավարութենէն, միջոցներ ձեռնարկել Արցախի մէջ Հայ բազմամեայ մշակութային ժառանգութեան անվտանգութեան ապահովման եւ պահպանման ուղղութեամբ:
Ժողովի ընթացքին, Արժ. Տ. Զարեհ աւագ Քահանան շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի կառավարութեան՝ Արցախի նկատմամբ ցուցաբերած մարդասիրական աջակցութեան եւ դէպի Թուրքիա ռազմական արտադրութիւնները կասեցնելու համար: