26 Փետրուար, 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպայի մօտ Գանատայի յատուկ բանագնաց, Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան մօտ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեծարգոյ Սդեֆան Տիոնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Տեղին է նշել, որ 25 Յունիս, 2021-ին, Արտաքին Գործերու նախարար Մեծարգոյ Մարգ Կարնոն յայտարարեց, որ Մեծայարգ Տիար Սդեֆան Տիոնը պիտի ստանձնէ՝ հայկական ժողովրդավարութեանն աւելի շատ աջակցելու, Գանատայի համար տարբերակներն ուսումնասիրելու առաքելութիւնը:

Նորին Սրբութիւնը, անդրադառնալով հայ-գանատական բարեկամական հարաբերութիւններուն, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Գանատայի իշխանութիւններուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ Արցախեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործի մէջ ներդրած ջանքերուն համար։

Վեհափառ Հայրապետը, անդրադարձ կատարելով 44-օրեայ պատերազմին, ընդգծեց, որ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին եւ անոնցմէ ետք ալ ադրբեջանական կողմը կը շարունակէ ոտնձգութիւններ կատարել Արցախի պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային յուշարձաններուն նկատմամբ։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ Գանատան եւս միջազգային հարթակներու վրայ ջանքեր կը գործադրէ ադրբեջանական վերահսկողութեան ներքոյ անցած հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան առնչութեամբ:

Իր հերթին Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպայի մօտ Գանատայի յատուկ բանագնացը, շնորհակալութիւն յայտնելով Վեհափառ Հայրապետին ջերմ ընդունելութեան համար, հետաքրքրուեցաւ Արցախի հոգեւոր–մշակութային ժառանգութեան պահպանմանն ուղղուած Մայր Աթոռի ծրագրերու մասին։ Այս առումով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը տեղեկութիւններ փոխանցեց դեսպանին Մայր Աթոռի մէջ ստեղծուած Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի գործունէութեան վերաբերեալ:

Հանդիպման աւարտին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, իր օրհնութիւնը բերելով դեսպանին, բարեմաղթեց արդիւնաւոր առաքելութիւն: