Գանատահայոց Թեմի 38-րդ Տարեկան Թեմական Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 27-28 Մայիս, 2022-ին, Քէպէքի, Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հիւրընկալութեամբ՝ առաջին անգամ ըլլալով, Թեմիս Առաջնորդարանին, նախագահութեամբ՝ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ մասնակցութեամբ՝ սոյն առիթին ներկայ գտնուելու հրաւիրուած, Եգիպտահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աշոտ Ս. Եպս. Մնացականեանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Գերշ. Տէր Արարատ Ս. Եպս. Գալթաքճեանի:
27 Մայիս, 2022, առաւօտեան, Թեմի Առաջնորդարանի յարկէն ներս, տեղի ունեցաւ Թեմի հոգեւորականաց համագումարը:
Այս առիթով՝ Ամենայն Հայոց Կաթողոկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն իր Հայրապետական օրհնութիւնները յղեց Գանատայի մէջ ապրող Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հօտին։
Գանատայի կառավարութեան անունով՝ Գանատայի Վարչապետ Ն. Վ. Ճասթին Թրուտոն յատուկ ուղերձով ողջունեց ժողովի մասնակիցներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց։
Ժողովի ընթացքին, ներկայացուեցան Գանատահայոց Թեմի առաքելութիւններու՝ Տիկնաց Կեդրոնական Մարմինի (WGCC), Հայաստանի Երեխաներու Հիմնադրամի (CFFA), Գանատահայոց Կատարողական Արուեստներու Յանձնախումբի (CAAPA), Արարատ ճամբարի, Հայ Արդ Տուն ծրագրի ու Առաջնորդարանի Մնայուն հիմնադրամի ընդհանուր նիւթաբարոյական զեկոյցները, որոնք պատգամաւորներուն կողմէն քննարկուեցան, ապա, ընդունուեցան համապատասխան որոշումներ:
Ծուխերու ներկայացուցիչներն առիթն ունեցան ներկայացնելու եկեղեցւոյ կեանքին առնչուող իրենց միտքերը։
Շաբաթ օրը, 28 Մայիս, երեկոյեան, Քէպէքի, Լաւալի «Centre Armenie»-ի կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ եզրափակիչ ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ՝ Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, ներկայութեամբ՝ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ազնուազարմ տիկին Անահիտ Յարութիւնեանի ու օրուայ նախագահներ Տէր եւ Տիկին Արտէն եւ Քրիստինէ Տէրվիշեաններու, մասնակցութեամբ՝ թեմի հոգեւորականններու, թեմական պատգամաւորներու, Ալպերթա նահանգէն, հայկական արմատներ ունեցող քրի ցեղախումբի ներկայացուցիչներու եւ բազմաթիւ հիւրերու։
«Հայաստանի Երեխաներու հիմնադրամ» CFFA-ի 30-ամեակի առիթով, Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազանն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հիմնադրամի ներկայ եւ նախկին վարչական անդամներուն:
Ճաշկերոյթի ընթացքին, իրենց փայլուն կատարողութեամբ ելոյթ ունեցան Արտէն Արաբեանն ու Սաշա Ճիհանեանը, ներկայացնելով՝ Հայկական երաժշտական ժառանգութենէն գեղեցիկ կտորներ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ Ռօզ-Նուարդ Թաթոսեանի եւ Թաթոսեան ընտանիքի անդամներու նկարչական աճուրդ-դրամահաւաքը՝ ի նպատակ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ վիրաւորուած հայ երիտասարդ զինուորներուն բժշկական կարիքները հոգալու եւ օգնութիւն ցուցաբերելու:
Սեղմել այստեղ կարդալու համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ի պատգամը
Սեղմել այստեղ կարդալու համար Գանատայի Վարչապետ՝ Ն.Վ. Ճասթըն Թրուտոյի պատգամը