Գանատահայոց Թեմն իր Պատգամաւորական 39-րդ ժողովը գումարեց 2023 թուականի, Մայիս 26-էն 28-ը, Լաւալի Սուրբ Խաչ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ: Ժողովը նախագահեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, իսկ որպէս պատուոյ հիւր, սոյն առիթին իր մասնակցութիւնը բերաւ՝ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանը: Ժողովը նաեւ վայելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Գերշ. Տ. Արարատ եպս. Գալթաքճեանը ներկայութիւնը:

26 Մայիս, 2023-ի առաւօտեան, Առաջնորդարանի յարկէն ներս, տեղի ունեցաւ Թեմի հոգեւորաց դասի ժողովը: Պատգամաւորական ժողովի առիթով Գանատայի Հայց. Առաք. Սուրբ եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն իր Հայրպաետական օրհնութիւնը եւ խօսքը յղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

Գանատայի վարչապետ Նորին Վսեմութիւն Ճասթըն Թրուտոն, իր կարգին ժողովականներուն փոխանցեց Գանատայի կառավարութեան ողջոյններն ու բարեմաղթանքները:

Ժողովի ընթացքին, մասնակիցները քննարկեցին Թեմական զանազան առաքելութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թեմական խորհուրդի, դիւանապետարանի եւ Թեմական Մնայուն հիմնադրամի զեկոյցները եւ կառուցողական առաջարկներ յայտնեցին։

Ծուխերու ներկայացուցիչներուն նոյնպէս հնարաւորութիւն տրուեցաւ՝ ներկայացնելու իրենց ծուխերէն ներս իրագործուած գործունէութիւններն ու ձեռնարները:

Շաբաթ, Մայիս 27-ին, երեկոյեան, Լաւալի Centre Arménie շքեղ կեդրոնի յարկէն ներս, Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ ժողովի եզրափակիչ ճաշկերոյթը, որուն ներկայ էր՝ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ազնուազարմ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանը: Միջոցառման նախագահներն էին՝ Մեծարգոյ Տէր եւ Տիկին Օհան եւ Անիթա Օհաննէսեանները, մասնակցութեամբ՝ հոգեւորականներու, Թեմի պատգամաւորներու, ինչպէս նաեւ հիւրերու հոծ բազմութեան։

Գերշ. Տ. Արարատ Սրբազանը ոգեկոչեց CYMA-ի (Գանատայի Երիտասարդական Առաքելութիւն Դէպի Հայաստան) 30-ամեակը` ներկայացնելով առաքելութեան հակիրճ պատմութիւնը, իսկ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազանը երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց իրենց ներդրումն ունեցած են ի նպաստ սոյն առաքելութեան յաջողութեան: Երեկոյի մտերմիկ մթնոլորտին, զուարճալի երանգ մը աւելցուց՝ երգչուհի Մոնա Լիսա Չանտայի եւ իր նուագախումբի երաժշտական յայտագիրը, իսկ ներկաներուն ցնծութիւն նուիրեց «Կիլիկիա» ազգային հայկական պարախումբի հիանալի ներկայացումը: Երեկոյի աւարտին, տեղի ունեցաւ աճուրդ-վաճառք՝ ի նպաստ Թեմի առաքելութիւններուն ու դրամահաւաքներուն։

Կիրակի օրը, Մայիս 28-ին, Գերաշնորհ Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Լաւալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ պարգեւասէր բարերար Տէր եւ Տիկին Արտէն Տէրվիշեաններու նուիրած Սուրբ Աստուածածնի սրբապատկերի օծումը: