Միասնական Յայտարարութիւն
Գանատայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի Նախագահին
Գանատայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մեթրոբոլիթին
եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդին
Տիրոջ Սուրբ Գերեզմանի Վերականգնումի Առնչութեամբ
Մենք՝ Մեթրոբոլիթ Սոթիրոս Աթանասուլաս, Գանատայի Յոյն Ոււղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ, Տ. Տուկլաս Եպիսկոպոս Գրոսպի, Համիլթընի Առաջնորդ, Գանատայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի Նախագահ եւ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ, սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը յայտնենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդին թէ՝ Քրիստոնէութեան կարեւորագոյն սրբավայրը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանը, պիտի վերականգնուի, առաջին անգամ ըլալով վերջին 200 տարիներու ընթացքին:
Տիրոջ Սուրբ գերեզմանին վերականգնումի աշխատանքներուն հասոյթը պիտի ապահովուի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եւ Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միասնական ջանքերով:
Տիրոջ Սուրբ Գերեզմանի տաճարը կը գտնուի Հին Երուսաղէմի Քրիստոնէական թաղամասի մէջ: Տաճարին մէջ ամփոփուած են երկու սրբազնագոյն վայրերը՝ «Գողգոթան», ուր խաչին գամած են Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ «Սուրբ Գերեզմանը»՝ Անոր դատարկ գերեզմանը, ուր թաղած են Զինք եւ ուրկէ Յարութիւն առած է Ան:
Տաճարը՝ հիմնադրուած է 4-րդ դարուն, որպէս Քրիստոսի Մահուան եւ Յարութեան վայրը, կը հանդիսանայ Քրիստոնեաներու կարեւորագոյն Ուխտավայրը: Տաճարին ներսը գտնուող Քրիստոսի գերեզմանը ամփոփող գմբեթաձեւ գերեզմանը, որ 1810 թուականի կառոյց է, ժամանակի ընթացքին վնասուած է բազմաքանակ զբօսաշրջիկներու եւ ուխտաւորներու մշտական հոսքէն:
Մենք կը յորդորենք մեր հաւատացեալներուն մասնակցիլ եւ սատարել պատմական նշանակութիւն ունեցող Մեր Տիրոջ Գերեզմանին վերականգնումի միասնական նախաձեռնութեան:
Ձեր նուիրատութիւնը կարելի է կատարել “Holy Sepulchre Restoration Fund 2016” Միացեալ հիմնադրամին՝ Գանատահայոց Առաջնորդարանի, Գանատայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համահաւաքի եւ կամ Թորոնթոյի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մեթրոբոլիթութեան միջոցով:
Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել չէքով, ուղղուած՝
1. Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմին՝ հասցէ.- 615, Stuart Avenue, Outremont, Quebec H2V 3H2.
2. Գանատայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համահաւաքին՝ հասցէ.- 2500 Don Reid Drive, Ottawa, Ontario K1H 2J2. Ի յաւելումն այս նուիրատուութիւններուն, Սուրբ Աթոռը իր տարեկան Աւագ Ուրբաթի հասոյթին մէկ մասը եւս պիտի յատկացնէ Սուրբ երկրին մէջ գտնուող սրբավայրերու պահպանման:
3. Թորոնթոյի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ` հասցէ.- 86 Overlea Boulevard, Toronto, Ontario M4H 1C6:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն ձեր սրտաբուխ աղօթքներուն եւ նուիրատուութիւններուն համար, որ կը յատկացնէք այս կարեւոր հոգեւոր համագործակցութեան՝ որպէս վկայութիւն հինաւուրց Քրիստոնէութեան հանդէպ նուիրումի:
Առ այդ Տիրոջ օրհնութիւնը կը հայցենք ձեզի եւ այս Սուրբ նախաձեռնութեան:
Երկուշաբթի, 24 Հոկտեմբեր, 2016 թ.
Տ. Տուկլաս Եպս. Գրոսպի
Համիլթընի Առաջնորդ
Գանատայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Համահաւագ Դասի Նախագահ
Մեթրոբոլիթ Սոթիրիոս Աթանասուլաս
Գանատայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ
Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ
Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ